Women Entrepreneurs Network in Armenia

Եւրոմիութեան Ծրագիրը Հայաստանի Մշակութային Ժառանգութեան Նոր Շունչ Պիտի Հաղորդէ

27/10/2012
yerakouyn.com
Եւրոմիութեան արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի ծիրէ ներս Հայաստանի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի մէջ ֆինանսաւորուող «Մշակոյթի նոր շունչ. հարստացուր ժառանգութիւնը արուեստի կեանքով» ծրագիրը Հայաստանի մէջ կը նպաստէ աւանդական մշակութային ժառանգութեան` մասնաւորապէս թանգարանային ոլորտի զարգացումին: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ին` Հոկտեմբեր 27-ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի երիտասարդ կանանց ընկերակցութեան նախագահ Լիլիթ Ասատրեան:

Տարեսկիզբին մեկնարկած ծրագրի ծիրէն ներս կը նախատեսուի Նոյեմբերին կազմակերպել եռօրեայ երկու դասընթացք տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու, թանգարաններու, ստեղծագործող նախաձեռնողական խումբերու եւ զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու համար: «Ծրագրի նպատակն է առաջին հերթին նպաստել թանգարանային ոլորտում նորարարական ծրագրերի խրախուսմանը: Աշխարհում կան բազմաթիւ փորձեր, երբ թանգարանը ընկալւում է ոչ թէ որպէս ստատիկ տարածք, այլ շատ լաւ հարթակ ոչ ֆորմալ կրթութեան համար»,- ըսած է Ասատրեան: Անոր խօսքով` ծրագիրը կը խթանի նաեւ թանգարաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու առաւել աշխոյժ համագործակցութեան: «Սա ոչ միայն հնարաւորութիւն է գտնելու նոր համագործակցութեան եզրեր, այլեւ խթան՝ զբօսաշրջային ընկերութիւնների փորձի փոխանակման, հայկական մշակոյթն աշխարհին ներկայացնելու համար»,- ըսած է հասարակական կազմակերպութեան նախագահը:

Ծրագրի ծիրէն ներս պիտի իրականացուին համագործակցութեան զարգացման ուղղուած դասընթացներ, ստեղծագործական վարպետութեան դասընթացներ, ինչպէս նաեւ դրամաշնորհային մրցոյթ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ թանգարաններու համատեղ ծրագիրներու իրականացման համար: Հասարական կազմակերպութեան եւ թանգարանի համագործակցութեան մէկ ծրագիրի իրականացման համար կը տրամադրուի 2-10 հազար եուրոյին համերժէք ՀՀ դրամ: Ծրագրի համար ընդհանուր սահմանուած է 70 հազար եուրօ, որը հաւասարապէս պիտի բաշխուի երեք երկիրներու միջեւ:

«Ծրագիրը մեկնարկած է այս տարի միաժամանակ երեք երկիրներու մէջ, ուր մշակութային իրավիճակը նման է: Մշակութային իրավիճակը այնպիսին, է որ կան թանգարաններ, որոնք զբօսաշրջային կեդրոններ կը համարուին, եւ այնտեղ ամէն ինչ լաւ է, մինչդեռ մենք պէտք է փորձենք այնպէս ընել, որ թանգարանները կարեւոր դառնան հնարաւորին չափ շատ թիւով մարդոց, երիտասարդներու համար»,-ըսած է Ուքրանիոյ «Տոտեմ» կազմակերպութեան նախագահ Ալեոնա Աֆանասեվան: Ան տեղեկացուցած է, որ Ուքրանիոյ թանգարաններուն մէջ աշխատակիցներու կրճատման, պետական ֆինանսաւորման կրճատման միտում կայ, եւ տարածաշրջանային թանգարանները ունին «փրկութեան» կարիք:

«Մշակոյթի նոր շունչ. հարստացուր ժառանգութիւնը արուեստի կեանքով» ծրագիրը, որ մեկնարկած է 2012 թուականի սկիզբը եւ երէք երկիրներու` Հայաստանի, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ, կը ֆինանսաւորուի Եւրոմիութեան կողմէ: Ծրագիրը պիտի աւարտի 2013 թուականի Դեկտեմբերին:

ԱՂԲՅՈՒՐ
Share |

Read in this section